Հոկտեմբեր 20-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէր Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենար իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։
Հոկտեմբեր 21-ին, երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները ներկայ կ՚ըլլային Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։