Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Ազերպայճանի բողոքով՝ հայ երիտասարդ գործիչ մը հսկողութեան տակ առնուած է

Հայաստանի ինքնիշխան հողերուն դէմ Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակումներուն որպէս հակազդեցութիւն՝ Փարիզի մէջ երիտասարդներ բողոքի արարքներ կազմակերպեցին ազերպայճանական պաշտօնական ներկայացուցչութիւններու դէմ։ 

Այդ արարքներէն Կիրակի, Սեպտեմբեր 18-ին Ազերպայճանի դեսպանատան դէմ կատարուածը յատուկ տարողութիւն ստացած է, շէնքին դռան վրայ կատարուած յարձակման պատճառով։ 

Այս մասին, այնքա՜ն քաղաքակիրթ, օրինակելի երկիր Ազերպայճանի այն ատենուան դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ ընկերային ցանցերու մէջ գրած էր.- «Ֆրանսացի Հայեր կը յարձակին Ազերպայճանի դեսպանատան վրայ։ Բայց մէկդի ձգենք հայ բարբարոսները։ Պրն Էմանիւէլ Մաքրո՛ն, ամօ՛թ Ֆրանսային, որ չի պաշտպաներ դեսպանատուները եւ կ՚անտեսէ մեր ապահովութեան առնչուող հիմնաւորուած կոչերը»։ Հոս միջանկեալ նշենք, որ Մուսթաֆաեւ վերջերս փոխարինուեցաւ Լեյլա Ապտուլաեւայի կողմէ։ Վերջինս ծանօթ է Հայոց նկատմամբ իր շատ կոշտ յայտարարութիւններով, երբ ան իր երկրին Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերն էր։ 

Մինչ Մուսթաֆաեւ յաջորդող օրերուն ալ անդադար շարունակած էր բարձրացնել այս հարցը «սրտայոյզ» նկարագրութիւններով, Պաքուի մէջ պատժական հետապնդում յայտարարուած էր յայտնաբերելու եւ պատժելու համար այս «յարձակման» պատասխանատուները։ Այսքանով ալ չբաւարարուելով՝ նախագահ Ալիեւ անձամբ հրապարակաւ անդրադարձած էր հարցին։ 

Այս զարգացումներէն ետք, Հոկտեմբեր 19-ի առաւօտեան հսկողութեան տակ առնուած է Հայ դատի պաշտպան, «Շարժում» ընկերակցութեան պատասխանատուներէն Լորիս Թուֆանեան։ Զինք առաջնորդած են Փարիզի տարածքային ապահովութեան բաժանմունքի շէնք։

Ի վերջոյ, յաջորդ առաւօտ՝ Հոկտեմբեր 20-ին ուրախութեամբ տեղեկացանք թէ՝ հայ երիտասարդը ազատ արձակուած է։

Դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 23-ին։ ■