Էրտողան.– «Թուրքիա Շուշիի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն պիտի բանայ»

Թուրքիա, բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն պիտի բանայ։ 

Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան համաձայն, այս տեղեկութիւնը Ազերպայճանէն վերադարձի ճամբուն լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։

Նշենք, թէ Էրտողան Ազերպայճան կը գտնուէր՝ իր պաշտօնակից Ալիեւի հետ բռնագրաւուած Կովսականի (Զանգելան) միջազգային օդակայանին բացումը կատարելու համար։