Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան յայտարարած է, որ Պաքու պէտք է «փոխհատուցում» պահանջէ Երեւանէն

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պաքու պէտք է «փոխհատուցում պահանջէ Երեւանէն՝ բռնագրաւման ընթացքին Արցախի հասցուցած վնասներուն համար»։

Ջրականի մէջ, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին՝ Էրտողան յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ն եւ ԵՄ-ը ուղեւորութիւններ չեն կազմակերպեր դէպի «ազատագրուած տարածքներ»։ “Պատճառը պարզ է։ Անոնք չեն ուզեր տեսնել իրենց անգործութեան հետեւանքները, չեն ուզեր տեսնել Արեւմուտքի ըրածին հետեւանքները… Այս հարցը պէտք է բարձրացնել Լա Հէյի դատարանին մէջ եւ փոխհատուցում պահանջել։ Այս հարցին մէջ պէտք է ընդդիմանալ անոնց: Համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է տեսնէ անոնց դէմքը։ Մենք պէտք է աշխարհին ցոյց տանք անոնց իրական դէմքը”,– Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Թուրքիոյ ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նիւթին։ “Ազերպայճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացները կը շարունակուին։ Շատ կարեւոր է այս առիթէն լիարժէք օգտուիլը”,– ըսած է Էրտողան: