Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Հռոմի մէջ անդրադարձած է Ուքրաինայի ճգնաժամի ենթախորքին, այլ հակամարտութիւններու՝ ուշադրութենէն դուրս մնալու խնդրին:
«Ուքրաինայի պատերազմը պէտք չէ մեզ մղէ մոռնալու այլ հակամարտութիւնները՝ Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Այսօր կա՛յ ժողովուրդ մը որ յարձակման կ՚ենթարկուի, եւ միւս կողմն ալ կան առաջնորդներ, որոնք որոշած են յարձակիլ, ներխուժել ու նուաստացնել։
Մէկ կողմ քաշուիլ՝ կը նշանակէ ընդունիլ, որ ուժի օրէնքը դառնայ համընդհանուր օրէնք»,– յայտնած է նախագահ Մաքրոն՝ Հռոմի մէջ Սան թ՚էճիտիօ համայնքին կազմակերպած «Խաղաղութեան կոչ. կրօնը եւ մշակոյթը՝ երկխօսութեան մէջ» խորագրով համաժողովին: