Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի հայկական սփիւռքը եւ բարեփոխումներու բուռն կարիքը

Իրավիճակը շա՛տ լուրջ է։

«Մենք՝ այլ քաղաքակրթութիւններս հիմա գիտենք, որ մահկանացու ենք»,– կ՚ըսէր Փօլ Վալերի Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք:

Պնդել, որ Հայաստանը եւ հայկականութիւնը վտանգուած են՝ մեղմաբանութիւն է:

Հայաստանը կրնայ անհետանալ, սեղմուած ըլլալով թշնամի մեծ պետութիւններու` Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի, իր պարտաւորութիւնները չյարգող Ռուսաստանի, ու լաւագոյն պարագային՝ չէզոք Իրանի միջեւ:

Սփիւռքը, որ այս գրութեան կեդրոնական նիւթն է, աւելի լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր:

Նախ նկատենք, որ Սփիւռքի կառոյցը աշխարհայնացած չէ, մնացած է տեղայնացած, եթէ այդ չափին մէջ ալ դեռ գոյութիւն ունենայ: 

Մէկ կողմէ, տարբեր ազգային սփիւռքներու միջեւ իրական կապ հաստատող մարմին մը չկայ, միւս կողմէ չկայ նաեւ այս սփիւռքներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ համակարգումի մղիչ ուժ:

Ֆրանսահայ սփիւռքը, որուն կը թուէր թէ լաւագոյն կառոյցը ունեցողներէն մէկն է, եթէ ոչ ամենալաւը, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ այս վերջին շաբաթներուն յայտնաբերեց, մեղմ ըսած՝ իր տկարութիւնը:

Նպատակ չունինք այստեղ ժխտելու Սփիւռքի ձեռքբերումներն ու նախաձեռնութիւնները:

Հարցը այն է, որ եթէ անոր կառուցուածքն ու գործելաոճը յարմար էին 20 տարի առաջուան աշխարհին, պարզ է, որ այսօր իրավիճակը նոյնը չէ, խորին բարեփոխում մը անհրաժեշտ է, չըսելու համար՝ կենսական։

Առաջին հերթին պէտք է ունենալ այրերու եւ կիներու ներկայացուցչական մարմին մը, ինչպէս նաեւ ընկերակցութիւններու եւ այլ խումբերու, որոնք կը կազմեն Սփիւռքը։ Իսկ ներկայացուցչական հանգամանք վայելելու համար պէտք է հանդիսանալ միաբանութեան կեդրոնը եւ ոչ թէ՝ անմիաբանութեան թթխմորը, որու ականատեսը կ՚ըլլանք ներկայիս:

Սա մեզ կը մղէ երեւակայելու այնպիսի կառոյց մը, որ որդեգրած է ժողովրդավարական կառավարման ձեւը, պատմական քաղաքական կուսակցութիւններու ազդեցութենէն հեռու, որոնց մրցակցութիւնը կը բխի անցեալի շուրջ վէճերէ, այլեւս գոյութիւն չունեցող աշխարհագրութենէ, որ կը յանգեցնէ անգործութեան, կամ լաւագոյն պարագային՝ այնպիսի գործողութիւններու, որոնք մեծամասնութեան կողմէ այլեւս չեն ընդունուած:

Այսպէս, խնդրոյ առարկայ կառոյցը պէտք է հիմնուած ըլլայ անդամներու վրայ, որոնց ընդհանուր ժողովին կ՚ընտրուի վարչական խորհուրդ, որ իր կարգին կ՚ընտրէ գործադիր մարմին:

Այս տարբեր մարմիններու նիստերու գումարումին նուազագոյն յաճախականութիւնը, ժողովներու մասնակցութեան կանոնները եւ մեծամասնական որոշումները հնարաւորութիւն կու տան արդիւնաւէտ որոշումներ կայացնելու եւ մեծամասնութեան կամքը ցոլացնելու։ Միայն այս պայմաններուն մէջ է, որ նման կառոյց մը կրնայ յաւակնիլ ներկայացուցչական ըլլալու եւ հանդէս գալու որպէս զրուցակից՝ Հանրապետութեան Նախագահին եւ պետական իշխանութիւններուն հետ, ի հարկէ, հեռու մնալով համայնքապաշտ կեցուածքէ:

Երկրորդ, երբ արտածին իրադարձութիւնները մեզի առիթը ընծայեն ձեռք բերելու մարդահամարի վստահելի տուեալներ եւ համապատասխան գործիքներ, այն ժամանակ պէտք է մտածենք՝ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կազմակերպելով մեր ներկայացուցիչները ընտրելու մասին, ինչպէս որ ատենին ծրագիր մը առաջարկուած էր, բայց այն ժամանակուան քաղաքական ընդդիմութիւնները թոյլ չտուին որ իրականանայ։

Այս կազմակերպութեան նպատակները պէտք է անդին անցնին ցեղասպանութեան, ժխտողականութեան, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի վերաբերող նիւթերէն եւ ընդգրկեն հայկականութեան առնչուող բոլոր նիւթերը։ Խօսքը բնականաբար ոչ թէ որեւէ կալուած անտեսելու մասին է, այլ ընդհակառակն, մեծապէս ընդլայնելու շրջանակը: Եւ այս աշխատանքը պէտք է տանիլ գոյութիւն ունեցող ընկերակցութիւններու եւ զանազան կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար, թէ՛ համազգային մակարդակի վրայ (ինչպէս օրինակ՝ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին, ՀԲԸՄ-ի, Հայ Աղքատախնամ ընկերակցութեան հետ եւ այլն) եւ թէ՛ տեղական ու շրջանային:

Զիրար ամբողջացնող նման դրոյթ մը թոյլ պիտի տայ արծարծել հետեւեալ թեմաները.–

• Կրթական. դպրոցներու թիւը, կրթական մակարդակը, գանձատրման միջոցները, եւ այլն..

• Մշակութային. Ֆրանսայի հայկական թանգարանի ճակատագիրը, մշակութային արտադրութեան ցրում / հաւաքական մասնակցութիւն եւ այլն:

• Տնտեսական. Հայաստանի հետ եւ ներսփիւռքեան մակարդակին գործարար կապերու աշխուժացում եւ այլն:

• Ռազմավարական, պաշտպանութիւն, անվտանգութիւն եւ այլն…

• Ընկերային, մարդասիրական, ելեւմտական եւ այլն,

… գործի լծելով քաղաքական, հաստատութենական եւ տնտեսական միջավայրերու վրայ ազդելու բոլոր միջոցները՝ ամէն տեսակի լոպիինկ, քաղաքական ասպարէզ նետուելու ցանկութիւն ունեցողներու խրախուսում՝ բազմացնելու համար թիւը Սփիւռքի երեսփոխաններուն, ծերակուտականներուն, տեղական կառավարման անդամներուն, եւ այլն… Պէտք է նաեւ աշխուժացնել Հայաստանի եւ հայկականութեան մասին ռազմավարական մտածողութիւնը թինք-թանքներու շրջանակին մէջ, որոնք թոյլ կու տան յայտնաբերել, դրսեւորել եւ հրապարակել նոր գաղափարներ։

Մենք բոլորս կը հաստատենք սաստկացումն ու վտանգները,– ի վնաս մեզի,– թրքական եւ ազերպայճանական լոպիներուն։ Պէտք է դիմագրաւենք մարտահրաւէրը եւ աւելի լաւ գործենք: Եւ վերջապէս, մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար պէտք է զինուինք հաղորդակցութեան ուղիներով եւ միջոցներով։ 

Այլ խօսքով, այս ներկայացուցչական մարմինը պէտք է ունենայ հիմնաւոր նպատակներ։ Պէտք է ունենայ ծրագիր մը, որ ուղղուած ըլլայ Ֆրանսայի մէջ հայկականութիւնը խթանելու եւ շողշողացնելու նպատակին: Ան պէտք է ոչ միայն սփիւռքի Հայերը իրարու կապող օղակ մը հանդիսանայ, այլ նաեւ արժեւորէ հայութիւնը եւ պահպանէ մեր վարկանիշը ֆրանսական հասարակութեան մէջ: Աւելի քան մէկ դար Հայերը հիանալի դրսեւորեցին իրենց համարկումը ֆրանսական հասարակութեան մէջ եւ իրենց նպաստը բերին Ֆրանսայի զարգացման: Հանրապետութեան նախագահը տարեկան ընթրիքի հրաւիրելը եւ երբ Հայաստան յարձակման ենթարկուի՝ ցոյցեր կազմակերպելը անհրաժեշտ են, բայց հեռու են բաւարար ըլլալէ:

Յաւակնոտ ծրագիր է՝ պիտի ըսեն լաւատեսները, իսկ յոռետեսները պիտի առարկեն որ՝ անիրատես է:

Կը պնդեմ որ՝ յաւակնոտ է եւ իրատես, եթէ կամքը ունենանք եւ եթէ մենք մեզի միջոցները տանք։

Միջոցները՝ նախ եւ առաջ, դրամական աղբիւրներն են ու աշխատանք կատարող խումբը:

Յաճախ կը լսենք, որ ինչ կը վերաբերի դրամական աղբիւրներուն՝ Հայերը «նեղ դրամապանակներ» ունին։ Սա զարմանալի չէ, եթէ իրենց առաջարկուող ծրագրերն ու նպատակները չհամապատասխանեն անոնց ցանկութիւններուն: Հզօր ամավարկ մը 1-էն 2 միլիոն եւրոյի, անհրաժեշտ է: Եթէ սփիւռքի ընտանիքներուն մէկ քառորդը տարեկան 10 եւրօ տար, այդ նպատակը հասանելի կը դառնար: Ուստի պէտք է ստեղծենք Սփիւռքի կարիքներուն նուիրուած՝ ֆրանսահայութեան հիմնադրամ մը, թափանցիկութեամբ օժտուած եւ հաւաքագրուած միջոցներու ճիշդ օգտագործումը երաշխաւորող:

Ինչ կը վերաբերի խումբին, ապա միայն այդ կազմակերպութեան գործունէութեան նուիրուած մասնագէտներ,– որոնք կը գործեն վարչական խորհուրդի հսկողութեան ներքոյ,– կրնան ապահովել այն արդիւնքները, զորս կ՚ակնկալէ համայն Սփիւռքը: 

Բոլորը գիտեն կամաւոր աշխատանքի վրայ հիմնուած կազմակերպութիւններու սահմանները, ի հարկէ առանց ժխտելու անոնցմէ մի քանիին մեծ յաջողութիւնները։ Բայց ի՛նչ գինով եւ ինչպիսի՛ կամքով, որոնք կարելի չէ տեւականօրէն գործադրել ամբողջ սփիւռքը ընդգրկող նման հսկայական ծրագրի մը պարագային։

Վերջապէս սփիւռքի այս նոր ներկայացուցչական կազմակերպութիւնն ու անոր ղեկավարները պէտք է յստակ ցոյց տան իրենց զօրակցութիւնը Հայաստանի։

Ֆրանսահայ սփիւռքին թերութիւնները, չըսելու համար ձախողութիւնը, որ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ աւելի ցայտուն դարձան, հիմնականին մէջ հետեւանք են վերը նշուած կարիքներուն եւ հանգամանքներուն նկատի չառնուելուն:

Սփիւռքի լուրերուն հետեւողներուն ուշադրութենէն վստահաբար չէ վրիպած, որ վերը նկարագրուած կառուցուածքը եւ անոր փիլիսոփայութիւնը ուղղակի կը համապատասխանեն Ֆրանսա-հայկական խորհուրդի ծինին (ADN)։

Անոնք, որոնք հայկականութիւնն ու Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը վտանգուած կը համարեն, թող զօրաշարժի ենթարկուին, որպէսզի փոխուի այս կացութիւնը: Ապագան կախեալ է մեր հաւաքական պատասխանատւութենէն, նաեւ՝ երիտասարդներէն, որոնց մտքերը կ՚եռան գաղափարներով, եւ որոնք համարձակութիւնը պիտի ունենան այդ գաղափարները իրագործելու։ Հուսկ, նա՛եւ իմ սերունդէս, որ պէտք է խրախուսէ զանոնք, որ մեզ փոխարինեն:

Տանիէլ Քիւրքճեան

Ֆրանսա-հայկական խորհուրդի նախագահ ■