Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի ՄԻՊ-ը Մոնփըլիէի Փաստաբաններու պալատի նախագահին ներկայացուցած է Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքները

 

Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Քրիստինէ Գրիգորեան ընդունած է Մոնփըլիէ քաղաքի Փաստաբաններու պալատի նախագահ, մէթր Նիքոլա Պըտէլ տը Պիւզարենկը, ներկայացուցիչներ՝ Լիւք Քրքեաշարեանը, Ամին Ֆառաժը, Նաիրա Զորոյեանը։

Պաշտպանը ողջունած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած Պալատի ներկայացուցիչներուն, հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ անոնց կատարած աշխատանքին համար, ապա ներկայացուցած է Պաշտպանի գործառոյթները, դերն ու լիազօրութիւնները։

Գրիգորեան անդրադարձած է Սեպտեմբեր 13-էն 15 Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ազերպայճանական զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքներուն, եւ ներկայացուցած՝ մարդկային իրաւունքներու շարունակական խախտումներն ու պատերազմական յանցագործութիւնները, որոնք արձանագրուած են Պաշտպանի արտակարգ զեկոյցներուն մէջ։

ՄԻՊ-ը խօսած է նաեւ Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրագործուող դատավարութիւններու մասին, ընդգծելով որ՝ անոնք արհեստական են եւ նպատակ ունին ահաբեկելու թէ՛ ընտանիքները եւ թէ՛ հայ հասարակութիւնը։

Նիքոլա Պըտէլ տը Պիւզարենկ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Պաշտպանին ընդունելութեան համար, նշելով որ՝ շատ կարեւոր են Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող իրավիճակի մասին տեղեկութիւնները, որպէսզի իրենց կարգին այդ ամէնը ներկայացնեե աշխարհին։