Search
Close this search box.

Հայագէտ, պատմաբան Արմէն-Գլօտ Մութաֆեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Վահրամ Դումանեան Հոկտեմբեր 28-ին մասնակցած է նշանաւոր հայագէտ պատմաբան Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանի «Երուսաղէմը եւ Հայերը» գիրքի շնորհահանդէսին:

«Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին (Մատենադարան) մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, ԿԳՄՄ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Մութաֆեանին՝ իր կատարած աշխատանքին համար, եւ շնորհաւորած վերջինիս ծննդեան 80-րդ տարեդարձը։

«Պարո՛ն Արմէն Մութաֆեան, թէեւ ուսողութիւնը Ձեր առաջին մասնագիտութիւնն է, յամենայն դէպս, հսկայական է Ձեր ներդրումը Ֆրանսիայում հայագիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութեան ու մշակոյթի հանրահռչակման գործում: Յատկապէս մեծ է Ձեր աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացում: Ձեր ջանքերով է նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն օրէնսդրօրէն դատապարտող առաջին պետութիւնը դարձաւ Ֆրանսիան»,– նշած է Դումանեան:

ԿԳՄՄ նախարարը ըսած է, որ Արմէն Մութաֆեան, թէեւ իր գործունէութիւնը շարունակած է Ֆրանսայի մէջ, բայց երբեք չէ դադրած Հայ ըլլալէ ու միշտ հաւատարիմ մնացած է իր արմատներուն ու հաւաքական յիշողութեան, եւ պատահական չէ, որ ան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանի անդամ է, Երեւանի Պետական համալսարանի պատուոյ դոկտոր, Մատենադարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի երկարամեայ բարեկամը:

Վահրամ Դումանեան շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Մութաֆեանի վաստակը հայ մշակոյթի պահպանման, հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ եւ առ այդ՝ Հայաստանի նախագահի 2022 Հոկտեմբեր 21-ի հրամանագրով յարգելի հայագէտը կը պարգեւատրէ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Մութաֆեան շնորհակալութիւն յայտնած է պարգեւին համար եւ ներկաներուն պատմած «Երուսաղէմը եւ Հայերը» գիրքի ստեղծման գաղափարին մասին: “Հատորը նուիրուած է հայկական Երուսաղէմին. հոն ներկայացուած են 5-րդ դարէն սկսեալ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ Սուրբ քաղաքին մէջ պահուող հայկական մասունքները, Երուսաղէմի տարբեր եկեղեցիներու մէջ պահպանուող հայատառ խճանկարները, Կիլիկիոյ թագաւորներու արժէքաւոր գաւազաններ, Սալահէտտինին վերագրուող արտօնագիրը եւ այլն”,– բացատրած է ան։

Հեղինակը նաեւ յայտնած է, թէ գիրքին կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը հայ ձեռագրական մշակոյթի գոհարներու բացայայտումն է։ Ան ունի ուսուցողական եւ ճանաչողական բացառիկ նշանակութիւն։

«Երուսաղէմը եւ Հայերը» հատորի շնորհահանդէսին ներկայ եղած են նաեւ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, ԿԳՄՄ մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեան: