Հոկտեմբեր 31-ին, Սոչիի մէջ կայացած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն եռակողմ հանդիպումը։
Ռուսաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի առաջնորդներուն, որ ընդառաջելով հրաւէրին՝ Սոչի ժամանած են եւ ընդունած՝ բանակցութիւն վարել, եւ աւելցուցած, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ ներդնել բոլոր ջանքերը` խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:
Հանդիպման աւարտին ընդունուած է եռակողմ յայտարարութիւն, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ Ալիեւ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022 Հոկտեմբեր 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործման ընթացքը։
Վերահաստատեցինք նշեալ բոլոր համաձայնութիւնները խստօրէն պահպանելու յանձնառութիւնը՝ մեկնելով հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ապահովման շահերէն։ Համաձայնեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրել մնացեալ, այդ կարգին` մարդասիրական խնդիրներու հրատապ լուծման ուղղութեամբ:
Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումն իր տեղակայման գօտիի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման ուղղուած անոր ջանքերու պահանջը։
Պայմանաւորուեցանք զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն կամ անոր կիրարկման սպառնալիքէն, քննարկել եւ լուծել բոլոր խնդրայարոյց հարցերը բացառապէս ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան և 1991-ի Ալմա-Աթայի Հռչակագրին։
Ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Հանրապետութիւններուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանի կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով։ Առկայ աշխատանքային տարբերակներու հիման վրայ համաձայնութիւն գոյացաւ փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներու որոնումը շարունակելու շուրջ։ Ռուսաստան կարելի օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերէ այդ հարցին:
Շեշտեցինք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ Ռուսաստանի օժանդակութեամբ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման միտող եռակողմ միջխորհրդարանական շփումներ սկսելու համար։
Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները կ՚ողջունեն Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը` այսուհետեւ եւս ամէն կերպ նպաստելու՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման»։
***
Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի՝ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, նախագահ Փութին յայտնած է. “Մեր կարծիքով՝ շատ օգտակար հանդիպում մըն էր։ Ան լաւ մթնոլորտ ստեղծեց որոշ հիմնական հարցերու շուրջ ապագայ կարելի համաձայնութիւններու համար։ Այսօր համաձայնեցանք միատեղ յայտարարութեան շուրջ։ Անկեղծ ըսեմ՝ ամէն ինչի մէջ չէ, որ յաջողեցանք համաձայնիլ։ Որոշ բաներ հեռացուեցան մասնագէտներու կողմէ նախապէս մշակուած բնագրէն»:
Անհամաձայնութիւնը, ըստ Ռուսաստանի նախագահին, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եղած է:
***
Նշենք, թէ նախագահ Փութին, նոյն օրը, նախապէս առանձին հանդիպումներ ունեցած էր Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։
Ալիեւ, հակառակ Ռուսաստանի նախագահին պնդումներուն, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը առանձնայատկութիւններ ունի, զորս անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, կրկին ըսած է՝ նման խնդիր չկայ, ինք այդ հարցը լուծած է 44-օրեայ պատերազմով: