Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 28-էն 31 կայացաւ Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովը, Հայաստանի համար գոյութենական պայքարի ճակատագրական պահու մը։ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն համար ներկայիս օդ ու ջուրի նման անհրաժեշտ է որեւէ արտաքին անշահախնդիր զօրակցութիւն։ Անկախ քաղաքական, գաղափարական նկատառումէ, պէտք է Հայաստանի պետութեան կողքին ըլլալ։ Այս է օրուան հրամայականը։ Այս տեսակէտէն՝ Հայաստան-Սփիւռք երկխօսութիւնը զօրակցութեան էական գործօն է։ Ալիեւ, 2020-ի Արցախեան պատերազմին յաղթանակով գինովցած, Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններէն ներս չհրահրուած վայրաբարոյ յարձակումներ կը կատարէ, որոնց դիմաց պէտք է անսակարկ սատարել Հայաստանին, բոլոր միջոցներով։ Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութեան բերումով՝ Արցախի հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովումը ստանձնեց Ռուսաստան։ Սակայն, հակառակ ռուս խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան՝ ազերական բանակը շարունակեց իր յարձակումները չյարգելով իր յանձնառութիւնները։ Արցախի ժողովուրդը ոչնչացման վտանգի ենթակայ է։ Ամէն մակարդակի զօրաշարժը անհրաժեշտ է։
Այսպիսի ճգնաժամային պայմաններու մէջ Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովի կայացումը ինքնին անժխտելի զօրակցութեան արայայտութիւն է։ Թէեւ, քաղաքական եւ կազմակերպչական պատճառաբանութիւններ յառաջ քաշելով իրենց մասնակցութիւնը զլացան Սփիւռքի մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող Առաքելական զոյգ կաթողիկոսները, ՀՅԴ կուսակցութիւնը եւ այս կառոյցներուն առնչուած սփիւռքեան այլ մարմիններ։
Հակառակ Գագաթնաժողովին մասնակցութեան մերժողական ճակատին, հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ 600 հոգի, 50 տարբեր երկիրներէ։ Նիստերը յագեցած էին Սփիւռքը եւ Հայաստանը շահագրգրռող բազմաթիւ նիւթերով, որոնք տեղաբաշխուած էին երեք տարբեր սրահներու մէջ։ Գագաթնաժողովը յատկանշուեցաւ թեքնաբանական բարձր մակարդակի գործադրումով։ Արծարծուած թեմաները բազմազան էին, յարիր՝ հայութեան եւ Հայաստանի օրուան հրատապ քաղաքական հարցադրումներուն, ռազմավարական երկարաժամկէտ նպատակներուն։
Բնական է՝ Սփիւռքահայութեան հետ նման գագաթնաժողովները չեն որ Հայաստանի գոյութենական անմիջական հարցերը պիտի լուծեն։ Սփիւռքի հետ գործակցութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի։ Ան հասունացման երկար ժամանակ կը պահանջէ, նկատի առնելով իրարու հակասող քաղաքական ու գաղափարական բազմաթիւ ազդակներն ու սպասումները։ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրաինայի դէմ կատարած յարձակումը Հարաւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ժողովրդագրական հսկայական տեղաշարժի պատճառ դարձաւ, որուն մեծագոյն շահառուները եղան Ռուսաստանի մերձակայ երկիրները։ Պատերազմին հետեւանքով Ռուսաստանը լքող Ռուսահայերու եւ Ռուսերու համար Հայաստանը շատ նպաստաւոր երկիր է։ Նոյնն է պարագան Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու զաւակներուն, որոնք քաղաքական ճգնաժամային պայմաններու բերումով Հայաստանը ընտրեցին իբր վերաբնակումի նոր վայր։ Եթէ Հայաստան-Սփիւռք անցեալ համաժողովներուն արտագաղթը կը նշուէր ու կը քննադատուէր իբրեւ Հայաստանի ապագան վտանգող մեծագոյն գործօն, նոյնիսկ իբրեւ «սպիտակ ջարդ», այսօր աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններու բերումով, Հայաստանը կը ներկայանայ իբրեւ ներգաղթի նպաստաւոր երկիր, հակառակ թուրքեւազերական պատերազմական սպառնալիքներուն։ Գագաթնաժողովին քննարկուող նիւթերուն մէջ հայրենադարձութիւնը, վերադարձը առանցքային թեմաներէն էր, իրաւական, տնտեսական, ապահովական, կրթական, մշակութային իր բոլոր երեսակներով։
Կարեւոր էին Գագաթնաժողովին նիստերու բանախօսներուն՝ մասնագիտական կարողութիւններու ու փորձառութեան հիման վրայ ընտրութիւնը, քննարկումներուն բազմակողմանի, քննական ու քննադատական մօտեցումները. առանց մոռնալու՝ մասնակիցներուն հարցումներու առատութիւնը, որոնք միշտ չէ որ պատասխանի կ՚արժանանային, ժամանակի խստութեան պատճառով։
Կային բնականաբար քննադատելի ու թերի կէտեր։ Գլխաւորը՝ ձեռնարկին ուռուցիկ անուանումն է «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»։ Կային անհարկի օտարաբանութիւններ, ինչպէս՝ ճաշի ընդմիջումին անուանումը՝ «լանչի ընդմիջում», խմբային քննարկում «պանելային քննարկում»… Կարգ մը նիւթեր անտեսոած էին, ինչպէս՝ լրատու միջոցները, գեղարուեստն ու մշակոյթը, արեւմտահայերէնի ուսուցման մարտահրաւէրները… եւ այս բնագաւառներու գանձատրումը։
Կազմակերպչական գետնի վրայ՝ վիճարկելի է Սփիւռքի կազմակերպութիւնները բոլորովին անտեսելը եւ մասնակիցները իբրեւ անհատ հրաւիրելը։
Ժ.Չ. ■