Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Բա­ցառիկ հան­դի­սաւո­րու­թեամբ եւ մեծ շու­քով վերաբացուեցաւ «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանը

Կիրակի, Հոկտեմբեր 23-ին, կէսօրէ վերջ ժամը 4-ին բացառիկ հանդիսաւորութեամբ եւ շուքով կատարուեցաւ պաշտօնական վերաբացումը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանին: Բազմաթիւ հրաւիրեալներ խմբուած էին թանգարանի բակը եւ Կիւլպէնկեան մատենադարանի սրահը, ուր եւ տեղի պիտի ունենար կոկիկ եւ կարճ բացման յայտագիր մը:

Ժամը ճիշդ 4-ին մուտք գործեց Նորին Ամենապատւութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան ի գլուխ Միաբանութեան: Նախ խօսք առաւ Ամերիկայէն Ս. Աթոռ ժամանած Արժանապատիւ Տ. Առաքել քհնյ Ալճանեան, որ իր պատանեկութիւնն անցուցած է Սուրբ Աթոռոյս Ժառանգաւորաց վարժարանի կամարներուն տակ եւ մշտապէս իր որդիական պարտքն ու հաւատարմութիւնը ցուցաբերած է հանդէպ Սուրբ Աթոռոյս: Մարտիկեան թանգարանի նորոգութեանց ծախքը Տ. Առաքելի միջնորդութեամբ հոգացին Մարտիկեան ընտանիքի ժառանգները՝ շարունակելով իրենց ծնողաց սկսած բարի գործը:

Տ. Առաքել իր խօսքին մէջ նախ պատմական ակնարկ մը ըրաւ Սուրբ Երկրին մէջ Հայերու ներկայութեան եւ ունեցած հարուստ ժառանգութեան մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի վերանորոգման աշխատանքներու կազմակերպման մասնակիցներուն, եւ յատկապէս այդ աշխատանքները համակարգող ֆրանսաբնակ պրն Յարութիւն Պէզճեանին, եւ մասնաւորելով իր խօսքը՝ բոլորին կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւններ ըրաւ Մարտիկեաններուն, որոնց նիւթական նուիրատւութեամբ կարելի դարձած էր թանգարանի շէնքի յարդարումը, վերազարդարումը եւ տանիքի կառուցումը:

Տ. Առաքելի խօսքէն ետք կոմիտասեան մեներգերով հանդէս եկան Ժառանգաւորաց ընծայարանի սաներէն Յովհաննէս Խումարեան եւ տրց. Իվան Ադամեան: Ապա Ժառանգաւորաց երգչախումբին կողմէ կատարուած խմբերգէն ետք, կարճ բայց պերճախօս ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարք հայրը, որ շեշտեց Երուսաղէմի նման կեդրոնի մը մէջ հայկական թանգարանի մը վերահաստատման նշանակութիւնը: Անոր խօսքէն ետք, ինք, միաբանութիւնը եւ ներկաները յառաջացան դէպի թանգարանի մուտքը, ուր Նորին ամենապատուութիւնը ժապաւէնի կտրումով կատարեց պաշտօնական վերաբացումը «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի:

Հրաւիրեալները բուռն հետաքրքրութեամբ ուղղուեցան նախ թանգարանի կեդրոնը զետեղուած 1894-ին Դամասկոսի դռնէն 300 մեթր հիւսիս արեւմուտք Մուսրարայի մէջ, Երուսաղէմի մօտ յայտնաբերուած 6-րդ դարու խճանկարին առջեւ, որ վանքի մը յարակից հայկական մեռելասրահի տախտակամած է: Խճանկարը 2022-ին տեղափոխուած է Հայկական թաղամաս եւ հաստատուած՝ թանգարանին գաւիթը, անոր տակ զետեղուած են նաեւ սուրբերու մասունքներ: Ապա շրջայց կատարեցին թանգարանի սրահներուն մէջ, դիտելու համար Պատրիարքութեան անգին գանձերը՝ Ս. Գլխադրի արծաթեայ եւ ոսկեթել բանուածքով սքանչելի վարագոյրը, Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքի թանկարժէք շուրջառը, Շղթայակիր պատրիարքի անգին շուրջառը, Նափոլէոնի նուիրած շուրջառը, ադամանդակուռ խաչեր, կանթեղներ, սկիհներ եւ այլն: Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ ցուցադրուած շուրջ 18 ձեռագրերու վրայ, որոնք իրենց հնութեամբ, մանրանկարչութեամբ եւ կամ թանկագին կազմով աչքառու տեղ մը կը գրաւեն թանգարանին մէջ: Հոն են հայ մանրանկարչութեան գագաթ Թորոս Ռոսլինի գլուխգործոցները, ինչպէս նաեւ Սարգիս Պիծակի եւ այլ մանրանկարիչներու գործերէն լաւագոյն նմուշներ: Առանձին ցուցադրուած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դարաւոր պատմութեան կարեւորագոյն վաւերաթուղթերէն օրինակներ, ինչպէս Մուհամմէտի, Ալիի, Սալահէտտինի եւ Օսմանեան սուլթաններու հրովարտակները՝ որոնք պաշտօնապէս կը հաստատեն ու կը վաւերացնեն Հայոց իրաւունքներն ու առանձնաշնորհները սրբատեղիներուն մէջ: Ցուցադրուած են նաեւ զանազան պաշտօնաթուղթեր եւ նամակներ՝ ոմանք երեք հարիւր յիսուն եւ աւելի տարուան հնութեամբ եւ պատմական մեծ արժէքով:

«Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի վերահաստատումով Երուսաղէմի Հայոց դարաւոր պատրիարքութիւնը վերստին կ’օժտուի կարեւոր հաստատութեամբ մը, որ, մշակութային իր միւս օճախներուն՝ Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Ընծայարանին, Ս. Թարգմանչաց վարժարանին, Ձեռագրատան, Կիւլպէնկեան մատենադարանին եւ տպարանին հետ, պիտի վերածէ այս վանքը հայ եկեղեցական եւ աշխարհիկ պատմութեան ու հայ արուեստի ուսումնասիրութեան գլխաւոր կեդրոնի մը:

«Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի տեսուչն է՝ Հոգեշնորհ Տ. Թէոդորոս ծ. վրդ. Զաքարեան:

ՆԵՐՍԵՀ ԱԲՂ. ԱԼՈՅԵԱՆ

«Սիոն» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն

Բոլոր լուսանկարները՝ Ներսեհ աբեղայ Ալոյեանի եւ Ռաֆայէլ աբեղայ Ղազարեանի

«ՆՅ» – Մեզի անբացատրելի կը մնայ, թէ ինչպէ՞ս հսկայական նման աշխատանքի մը գլխաւոր երկու դերակատարներու անուններ բացակայ են այս թղթակցութենէն։ Արդարեւ, ֆրանսահայ պատմաբաններ Յարութիւն Գէորգեան եւ մա՛նաւանդ Արմէն Մութաֆեան թանգարանի վերաբացման աշխատանքներուն մէջ մեծ պատասխանատւութիւն ստանձնեցին, կատարեցին իրերու վերադասաւորման գործին առիւծի բաժինը։ Այս մասին արդէն վերջերս անդրադարձած էինք Արմէն Մութաֆեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցով (տե՛ս. «ՆՅ» – 2022 Հոկտեմբեր 13, թիւ 1791, էջ 4-5)։ Թերեւս յառաջիկայ օրերուն տրուի համոզիչ բացատրութիւն մը։ ■