Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Թեհրանի՝ Երեւանին աջակցելու վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութեան
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նասեր Քանանի լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Կովկասի խնդիրներու լուծման ճամբան կ՚անցնի տարածաշրջանի երկիրներու մայրաքաղաքներով, այլ ոչ թէ արտատարածաշրջանային ուժերուն դիմելու ճանապարհով։
Mehr գործակալութեան համաձայն՝ Քանանի այս մասին յայտնած է հայ-ազերպայճանական շարունակուող լարումի ենթախորքին վրայ։
“Իսլամական Հանրապետութիւնը տեւաբար շեշտը դրած է դրացիներու կողմէ մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան վրայ”,– ըսած է իրանցի դիւանագէտը եւ աւելցուցած, որ Իրան անգամ մը եւս կը յայտարարարէ իր պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրները լուծելու տարբեր ձևաչափերով, այդ կարգին՝ երկկողմ, եռակողմ, ինչպէս նաև «3+3» ձեւաչափով, ուր ներկայացուած են Հայաստան, Վրաստան եւ Ազերպայճան, Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան։
Ան մատնանշած է նաև Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախորդ օր կատարած յայտարարութիւնները, երբ վերջինս դժգոհած էր, որ Թեհրան Երեւանին չափազանց մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, այդ պնդումին որպէս շարժառիթ ալ ցոյց տալով Իրանի եւ Հայաստանի պաշտօնատարներու միջեւ վերջին հանդիպումներու աշխուժութիւնը։
“Մեր սկզբունքային քաղաքականութիւնը հիմնուած է բարիդրացնութեան և բոլոր դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման վրայ եւ Իրան երբեք չ՚ամրապնդեր իր կապերը դրացիի մը հետ՝ ի վնաս միւսին։ Շուրջ երկու տարի է, որ Ազերպայճանի Հանրապետութեան պաշտօնեաները քաղաքական, ռազմական եւ անվտանգութեան մակարդակներու վրայ կապի մէջ են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր պաշտօնեաներու հետ՝ ճամբայ հարթելով դէպի խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն, որուն աջակցած է Իրան։ Սակայն մեզի համար անհասկնալի է՝ Հայաստանի հետ մեր բարիդրացիական մակարդակով բնական շփումներուն պատճառով Պաքուի անհանգստացումը”,– նշած է Քանանի:
Ան նաեւ ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ Իրանի սահմաններու երկայնքին վերջին ռազմափորձերը սովորական եւ նախապէս ծրագրուած քայլեր էին, որոնց մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահած են շահագրգիռ դրացիները։