Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզ կը գտնուի։ Այցելութեան շրջանակին մէջ նախատեսուած է անոր հանդիպումը՝ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Գաթրին Գոլոնայի եւ ֆրանսացի այլ պաշտօնատարներու հետ:
Միրզոյեան կը մասնակցի նաեւ Փարիզի խաղաղութեան հինգերորդ համաժողովին: