Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կարծիքով՝ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ ԱՄՆ-ու հայկական սփիւռքը խոչընդոտ կը հանդիսանայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին։
“Այդ համայնքներու ոչ-դրական աշխատանքներուն վրայ ո՞վ կրնայ ազդել՝ անկասկած Հայաստանի կառավարութիւնը: Եթէ յաջողին այդ գործին մէջ, ապա մենք մեր մօտեցումները դրական առումով փոփոխութեան կ՚ենթարկենք: Մենք կ՚աշխատինք բարեկամներ ձեռք բերել եւ ոչ թէ թշնամիներ”,– լրագրողներու հետ ասուլիսին ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիա դրական կ՚արձագանգէ Հայաստանի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուող քայլերուն։
“Փրակայի մեր վերջին հանդիպումին մենք յստակօրէն Հայաստանին ըսինք, որ եթէ Ազերպայճանի հետ իր յարաբերութիւնները դրական հունի մէջ մտնեն՝ մենք ալ մեր կարգին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ուղղութեամբ դրական քայլեր կ՚առնենք”,– յայտարարած է Էրտողան։