Պատերազմէն տարի մը ետք, ահաւասիկ Շուշիի Կանաչ ժամին պարզած սրտակեղեք պատկերը։
Ազէրպայճան արագացուցած եւ համակարգած է հայկական մշակութային ժառանգութեան զանգուածային ոչնչացման քաղաքականութիւնը: Ալիեւի բռնապետութեան նպատակը ակնյայտ է՝ աշխարհին մոռցնել, որ Արցախը հայկական հող է հազարամեակներէ ի վեր։
Միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Արեւմուտքի նեցուկով, որոնք կը թողեն գործել անպատիժ, Ազէրիները կը շարունակեն տարածել ու գործադրել իրենց հայատեաց գաղափարախօսութիւնը։
(Դիմագիրքի՝ «Նոր Սերունդ»-ի էջէն) ■