Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Էյիւփ Սուլթան մզկիթի գանձատրման քննարկումը

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 10-ի իր որոշումով Սթրազպուրկի վարչական դատարանը արդարացի դատեց Վարին-Հռենոսի (Bas-Rhin) նահանգապետարանի եւ խումբ մը Հանրապետական ընտրեալներու բողոքը։ Անոնք դատարան դիմած էին Էյիւփ Սուլթան մզկիթի շինութեան համար շուրջ 2,5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ տրամադրելու քաղաքապետարանի որոշումին դէմ։

Յիշեցնենք, որ մահմետական Milli Görüs համայնքին (Էրտողանին եւ Գորշ գայլերուն մօտիկ թրքական ընկերակցութիւն մը) կողմէ ղեկավարուող այս նախագիծին աջակցութիւնը ազգային գայթակղութեան պատճառ դարձած էր, սկսելով՝ Ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէնէն, որ խորապէս վրդոված էր:

Սթրազպուրկի վարչական դատարանը իր այս որոշումով չեղեալ կը համարէ 2021 Մարտ 22-ին քաղաքային խորհուրդի ընդունած փաստաթուղթը։

Վարչական դատարանի վճիռը հիմնուած է քաղաքապետարանի թոյլ տուած բազմաթիւ խախտումներու վրայ։ Ան նախ կը մերժէ քաղաքապետարանի փաստարկը, թէ Մարտ 22-ի խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթը այժմ արդէն անհիմն դարձած է, քանի որ Էյիւփ Սուլթան մզկիթի ընկերակցութիւնը ետ քաշած է գանձատրման աջակցելու իր խնդրանքը։ Դատարանը կը մերժէ այս փաստարկը, առարկելով որ՝ խնդրոյ առարկայ ընկերակցութիւնը [Milli Görüs]-ը կը պնդէ, որ մտադիր է հրաժարելու գանձատրումէն, բայց 2021 Ապրիլ 15-ի անոր նամակէն այնպէս ի յայտ կու գայ, որ այս հրաժարումը միայն ժամանակաւոր է։

Վարչական դատարանը նաեւ ընդունած է քաղաքապետական խորհուրդի հանրապետական հինգ անդամի փաստարկներէն մէկը, որոնց հիման վրայ անոնք բողոքած էին: Արդարեւ, անոնք ի միջի այլոց կը գանգատէին, որ խնդրոյ առարկայ հարցով քաղաքապետական խորհուրդի 2021 Մարտ 22-ի  քուէարկութենէն առաջ բաւականաչափ տեղեկութիւն չէ տրամադրուած իրենց: 

Վարչական դատարանի վճիռին հիմք կազմող մէկ այլ փաստարկն ալ հետեւեալն է։ Քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեան կը պնդէր, որ 2021 Մարտ 22-ի քննարկումը տեղի ունեցած է այն նոյն փիլիսոփայութեամբ, որով նախկին քաղաքապետ Ֆապիէն Քելլէր առաջնորդուած էր 2000-ական թուականներու սկիզբը՝ Սթրազպուրկի Մեծ մզկիթի կառուցման ժամանակ։ Մինչդեռ, դատաւորը կը յիշեցնէ, որ Էյիւփ Սուլթանի դրամաշնորհի խնդրանքով դիմում կատարուած է շինարարութեան սկսելէն յետոյ, եւ որ նախագիծին նախաձեռնող ընկերակցութիւնը՝ Միլլի Կէօրիւշը որեւէ ժամանակ չէ ներկայացուցած գանձատրման ծրագիր մը: «Այսպէս, դատարանը կը գտնէ, որ Սթրազպուրկի քաղաքապետարանը անտեսած է կարգաւորող շրջանակը, որ ինք իսկ սահմանած էր կրօնական միաւորումներու ի նպաստ գանձատրման հարցերու քննութեան համար»,– ըսուած է դատարանի վճիռին մէջ։

Վարչական դատարանի վերջին փաստարկներէն մէկն ալ  կը վերաբերի Էյիւփ Սուլթան մզկիթի նման կրօնական շինութեան մը տեղական կարիքներուն համապատասխանելիութեան։ Վարին-Հռենոսի նահանգապետարանը կը հաստատէ, որ Սթրազպուրկի տարածքին մահմետական հաւատացեալները ընդունելու առկայ միջոցները բաւարար են։ Սակայն, ինչպէս նշած է դատաւորն ալ, Սթրազպուրկի քաղաքապետարանը որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած կրօնական նոր շէնքի մը կարիքին մասին։ «Այս պայմաններուն մէջ, տեղական հանրային շահի առկայութիւնը հաստատուած չէ»,– եզրակացուած է դատարանը։

Վարչական դատարանի որոշումին դէմ կարելի է բողոքել մինչև 2023 Յունուար 10։