Նոյեմբեր 11-ին Սամարքանտի մէջ (Ուզպէքիստան) տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 9-րդ վեհաժողովը, որուն կը մասնակցէին Ազերպայճանի, Հունգարիոյ, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Ուզպէքիստանի, Թիւրքմէնիստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները։
Հունգարիա եւ Թիւրքմէնիստան ներկայ էին դիտորդ անդամի կարգավիճակով։
Իր ելոյթին մէջ Իլհամ Ալիեւ հրաւիրած է իր բոլոր ընկերները,– որոնք բռնատէրերու այս ակումբին անդամ են,– այցելելու «ազատագրուած Ղարաբաղ»։
Էրտողան կը հովանաւորէ այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն»-ը
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11-ին, Սամարքանտի մէջ թրքական երկիրներու վեհաժողովի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան «շնորհակալութիւն յայտնեց Թրքական դաշինքի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն»՝ այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան դէտի կարգավիճակ շնորհելնուն համար»։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապես հակազդեց. «Մենք կը դատապարտենք Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կազմին մէջ կեղծ պետութեան մը դէտի կարգավիճակ տրամադրելու վերաբերեալ թուրք պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները»։
Իր կարգին Կիպրոսի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս այս հարցին մասին յայտարարութիւն մը հրապարակած է. «Կարծեցեալ պետութեան կարգավիճակը բարձրացնելու փորձը միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 541 եւ 550 բանաձեւերու կոպտագոյն խախտում է»։
Թրքալեզու երկիրներու համար «սահմաններու անձեռնմխելիութեան» սկզբունքը կարծէք բացարձակօրէն հիմնուած է Այնշթայնի յարաբերականութեան օրէնքին վրայ:
Այս մասին ի՞նչ կը մտածէ արդեօք Իլհամ Ալիեւ։
Պետրոս Նազարեան