Երկու հակոտնեայ դիտանկիւններ՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ստեղծման համար

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու գոր­ծընթա­ցին կա­պակ­ցութեամբ Ռու­սաստա­նի դրսե­ւորած ան­հանդուրժո­ղու­թիւնը վե­րածուած է գռեհ­կութեան՝ բո­լորո­վին ան­տե­սելով դի­ւանա­գիտա­կան բա­րեվար­քութեան սահ­մաննե­րը։

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման ձա­խողու­թե­նէն ու անոր բնակ­չու­թեան հայ­րե­նազրկու­մէն ի վեր՝ որուն մէջ Ռու­սաստա­նի պա­տաս­խա­նատւու­թիւնը չա­փազանց մեծ է, յատ­կա­պէս երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ Մոս­կուան ինքզինք կը հռչա­կէր Հա­յաս­տա­նի միակ պաշտպա­նը թրքա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ, ինչպէս նաեւ նկա­տի առ­նե­լով ՀՀ տար­բեր ժա­մանա­կաշրջան­նե­րու ղե­կավար­նե­րուն այն հա­մո­զու­մը, թէ Ռու­սաստա­նի հետ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակցու­թիւնը եւ ռուս ժո­ղովուրդին հետ դա­րաւոր բա­րե­կա­մու­թիւնը անհրա­ժեշ­տութիւն են, Ար­ցա­խի կո­րուստէն ետք Հա­յաս­տա­նի կող­մէ աւե­լի խոստմնա­լի նոր ռազ­մա­վարու­թիւն մը մշա­կելու ձգտու­մը դար­ձաւ բնա­կան ու ցան­կա­լի։ Սա­կայն, նոր ռազ­մա­վարու­թիւնը կը պա­հան­ջէ նաեւ խա­ղաղ ու նպաս­տա­ւոր պայ­մաննե­րու մէջ նախ­կին կա­պերէն ան­ջա­տուե­լու, ձեր­բա­զատելու կա­րողու­թիւնն ու մի­ջոց­նե­րը։

Այս առու­մով, ռու­սա­կան կող­մի ան­հանդուրժո­ղու­թիւնն ու թշնա­ման­քը ար­դէն հա­սած են ջլախ­տի աս­տի­ճանի, որուն բա­ցար­ձակ ար­տա­յայ­տութիւնն էր Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին հաս­ցէին՝ Ռու­սաստա­նի ԱԳՆ-ի բանբեր Մա­րիա Զա­խարո­վայի հի­ւան­դա­գին ու ոչ-դի­ւա­նա­գիտա­կան գրու­թիւնը՝ Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ռու­սա­կան կող­մի պաշտպա­նու­թեան խոստմնադ­րու­ժու­թեան վե­րաբե­րեալ. «Նի­կոլ Վո­վայ­ի (իմա՝ Նի­կոլ Փա­շինեան), Ձեր երկ­րին մէջ ընտրու­թիւննե­րը աւար­տած են։ Կրնաք դադ­րիլ խա­բելէ։ Հա­ւա­քե­ցէք Ձեր քա­ջու­թիւնը եւ գո­նէ մէկ ան­գամ ճշմար­տութիւ­նը ըսէք այն­պէս, ինչպէս իրա­կանու­թեան մէջ էր»։ Ան­կախ խօս­քին բո­վան­դա­կու­թե­նէն՝ թէ ո՞վ է ճիշդ, ո՞վ՝ սխալ, երկրի մը ղե­կավա­րին ուղղուած նման ար­տա­յայտ­չա­կեր­պը՝ յատ­կա­պէս այն ղե­կա­վա­րին, որ յաղ­թա­կան դուրս եկած է ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, սա­կայն զոր Ռու­սաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թիւնը զլա­ցած է շնոր­հա­ւորել, ցոյց կու տայ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ այն գա­ղու­թա­տիրա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պը, որ տա­կաւին կը տի­րէ Ռու­սաստա­նի իշ­խող դա­սակար­գին մօտ։

Փո­խարէ­նը՝ Փու­թին փու­թա­ցած է դրուատա­լի խօս­քե­րով շնոր­հա­ւորելու պաշ­տօ­նական լիազօ­րու­թիւննե­րը չա­րաշա­հելու, մեծ գու­մարնե­րու կա­շառք ստա­նալու եւ դրա­մի լուաց­ման յօ­դուած­նե­րով ամ­բաստա­նուած ու կա­լա­նա­ւորուած Ռո­բերտ Քո­չարեանի տա­րե­դար­ձը. «Ռու­սաստա­նի մէջ չեն մոռ­նար այն անձնա­կան աւան­դը, որ ու­նե­ցած էք մեր եր­կիրնե­րու բա­րեկա­մա­կան, դաշ­նակցա­յին յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րու զար­գացման գոր­ծին մէջ։ Ան­կեղ­ծօ­րէն կը մաղ­թեմ ձե­զի քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, եռանդ եւ տո­կու­նու­թիւն՝ այն փոր­ձու­թիւննե­րուն դի­մաց, որոնց առ­ջեւ կանգ­նած էք դուք եւ ձեր ըն­տա­նիքի ան­դամ­նե­րը»։

Քիր­­կիզստա­­նի մայ­­րա­­­քաղաք Պիշ­­քէ­­­քի մէջ, Շանկհա­­յի հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան վե­հա­­ժո­­ղո­­վին ըն­­թացքին զար­­մա­­­նալիօրէն Փու­­թին եւ Փա­­շինեան միեւ­­նոյն բո­վան­դա­կու­թեամբ՝ բազ­մա­բեւեռ աշ­խարհա­կար­գի ստեղ­ծումի, պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ իւ­րա­քան­չիւր երկրի մշա­կու­թա­յին իւ­րա­յատ­կութեան յար­գան­քի պայ­մաննե­րու մէջ հա­մագոր­ծակ­ցու­թեան կոչ ըրին։

Նա­խագահ Փու­թի­նի ակ­նարկը ար­դա­րօրէն կ՚ուղղուի դէ­պի արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րը, որոնք Խորհրդա­յին Միու­թեան փլու­զումէն ետք չյար­գե­ցին դէ­պի արե­ւելք չտա­րածուելու ՕԹԱՆ-ի խոս­տումը եւ զի­նեցին Ուքրաինան։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին խօս­քը կ՚ուղղուի մաս­նա­ւորա­պէս Ռու­սաս­տա­նի նա­խագա­հին, որ դժգոհ է Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րու հետ ռազ­մա­վարա­կան դա­շինքնե­րու կնքու­մէն եւ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիէն դուրս գա­լու ցան­կութե­նէն։ Բազ­մա­բեւե­ռու­թեան եր­կու նոյ­նանման ցան­կութիւններ են ասոնք, սա­կայն՝ գոր­ծադրու­թեան հա­կադիր դաշ­տե­րով։

Փա­շինեան-Փու­թին տե­սակ­ցութեան ըն­դա­ռաջ՝ ՀՀ վար­չա­պետը յստա­կա­ցուց Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րոշու­մը, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ռու­սաստա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւննե­րուն վե­րաբե­րեալ. «Երբ աշ­խարհա­քաղա­քական որե­ւէ բե­ւեռի ձգո­ղա­կա­նու­թիւնը այն աս­տի­ճանի կը ծան­րա­նայ, որ կրնայ քայ­քա­յել մեր ան­կա­խու­թիւնը, մենք կ՚աշ­խուժաց­նենք այս իրա­դ­րութեան հա­մար բա­ւարար ձգո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող մէկ այլ բե­ւեռի հետ մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը՝ պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր հա­ւասա­րակշռու­թիւնը ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան՝ բար­դու­թիւննե­րով լե­ցուն ճա­նապար­հին»։

Ժ.Չ. ■