Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚ողջունէ Նոյեմբեր 15-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Ազերպայճանի յարձակողական եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ։
«Փաստաթղթում վերահաստատւում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու եւ այդ ճանաչումը որպէս բանակցային գործիք կիրառելու անհրաժեշտութիւնը՝ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։
Նման բովանդակութեամբ բանաձեւի ընդունումը կարեւոր քայլ է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրաւական, թէ՛ բարոյական տեսանկիւններէն, քանի որ Ազերպայճանի ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւնը լուրջ մարտահրաւէր եւ սպառնալիք է ո՛չ միայն հայ ժողովրդի եւ Հայոց պետականութեան, այլ նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ աշխարհի համար։
Երախտագիտութիւն ենք յայտնում Ֆրանսայի մեր բարեկամներին՝ աներկբայ եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրելու համար»,– նշուած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, թէ ցարդ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս չէ արձագանգած սոյն բանաձեւին։