Ռուբէն Վարդանեանի հանդիպումը՝ Կարմիր խաչի Արցախի առաքելութեան պատուիրակութեան հետ
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ընդունած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի՝ Լեռնային Ղարաբաղի առաքելութեան պատուիրակութիւնը՝ ղեկավար Նիքոլա Ֆլէօրիի գլխաւորութեամբ:
Նախարարը ընդգծած է Արցախի մէջ Կարմիր խաչի առաքելութեան կարեւոր գործունէութիւնը յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին՝ թէ՛ մարդասիրական աշխատանքներու, թէ՛ ալ բնակչութեան աջակցութեան տարբեր ծրագրերու իրագործման առումով։
Նիքոլա Ֆլէօրի տեղեկութիւններ հաղորդած է այս տարուան ընթացքին կատարուած եւ ընթացիկ աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ բնակչութեան կարօտեալ խաւերուն ուղղուած ընկերային-տնտեսական աջակցութեան ծրագրերուն մասին:
Վարդանեան պատուիրակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ քանի մը օր առաջ Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն վրայ, երբ ազերպայճանական մարտական դիրքերէն կրակած էին դաշտը աշխատող գիւղացիներու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները առաջնահերթ համարած են ամբողջ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը: “Արցախում շուրջ 30 հազար երեխայ է ապրում, մենք պարտաւոր ենք ապահովել նրանց անվտանգութիւնն ու խաղաղ մանկութիւնը”,– յայտնած է Պետական նախարարը: