Նոյեմբեր 18-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթ ունեցած է Ճերպայի մէջ ընթացող ֆրանսախօսութեան 43-րդ նստաշրջանին։ Ան մասնաւորապէս նշած է.-
“Այսօր մենք այստեղ հաւաքուած ենք բազմակողմանի ճգնաժամի պայմաններու մէջ, եւ դեռ հակամարտութիւններու քանակը կը բազմապատկուի։
Մենք կը նկատենք, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներու յարգանքի վրայ խարսխուած հաւաքական անվտանգութեան գործիքակազմերը, մասնաւորապէս՝ ինքնիշխան իրաւահաւասարութիւնը, որեւէ պետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ ուժի բացառումը այլեւս չեն կրնար երաշխաւորել պետութիւններու ապահովութիւնը որոշ պետութիւններու յարձակողական քաղաքականութեան դիմաց։
Վերջինիս առաջին զոհերրն էր Հայաստան, որու հողային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ՝ սկսած անցեալ տարուան Մայիսէն, վերջին անգամ՝ այս տարուան Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազերպայճան գործեց յարձակումներ, ինչ որ յանգեցուց մեր բոլորին ծանօթ հետեւանքներու. Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւում, հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ, հազարաւոր տեղահանուածներ եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու ոչնչացում։
Չմոռնանք նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու, ազերպայճանական բանակին կողմէ հայ գերիներու, ներառեալ՝ կին զինուորներու նկատմամբ գործուած սոսկալի վայրագութիւնները, որոնք սարսափեցուցին աշխարհը։
Լարումը այսօր ալ կը շարունակուի Ազերպայճանի հետ մեր սահմանին, եւ հակառակ ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ Ազերպայճանի նախագահը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ ու ներկայացնել անհիմն հողային պահանջներ։
Այս առումով մենք կ՚ողջունենք բազմաթիւ երկիրներու՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան խախտումը ճանչնալու փաստը եւ անոր ինքնիշխան հողերէն ազերպայճանական ուժերը ետ քաշելու պահանջը։
Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ հակամարտութեան հետ կապուած բոլոր հարցերու խաղաղ կարգաւորման, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ միջազգային այն գործընկերներուն, որոնք ջանքեր կը գործադրեն այդ նպատակին հասնելու համար։
Վերադառնալով մեր համաժողովի աշխատանքներուն․ Հայաստան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ մեր հաստատման ներկայացուած փաստաթղթերուն, որոնք կը վերաբերին ֆրանսախօսութեան ռազմավարական շրջանակի նախագիծին, ֆրանսերէնի մասին հռչակագրին եւ անդամակցութեան ընթացակարգին վերաբերող կանոնակարգին”։