Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը իր ընդունած բանաձեւով աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին

Թունիսի Ճերպա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ վեհաժողովի աւարտին՝ Նոյեմբեր 20֊ին, ընդունուած է «Ֆրանսախօսութեան տիրոյթին մէջ ճգնաժամային իրավիճակներու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ»  բանաձեւը, որով անդամ-երկիրները իրենց աջակցութիւնն  ու զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանին։

«Բանաձեւը, մասնաւորապէս, զօրակցութիւն կը յայտնէ Կազմակերպութեան անդամ Հայաստանին եւ այս համածիրին մէջ խորապէս մտահոգ է վերջերս տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու (Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ Ազերպայճանի յարձակումը), յատկապէս անոր հետեւանքով միջազգային իրաւունքի, հողային ամբողջականութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն առնչութեամբ։

Կազմակերպութիւնը կը քաջալերէ կողմերը, միջազգային գործընկերներու հետ միատեղ, խնդիրներու բանակցուած, խաղաղ եւ մնայուն լուծման ուղղութեամբ առաւելագոյն ջանքերը գործադրելու՝ յարգելով միջազգային իրաւունքի, ներառեալ՝ հողային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, եւ կոչ կը յղէ խստօրէն յարգելու հրադադարը։

Բանաձեւը կ՚ընդգծէ նոր գրգռութիւններէ խուսափելու կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՚ընէ յարգելու 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, ողջունելով գործադրուող ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու արդար լուծման ուղղութեամբ։

Բանաձեւը կ՚անդրադառնայ նաև մարդասիրական խնդիրներուն։ Կազմակերպութիւնը խորապէս մտահոգ է անլոյծ մնացած մարդասիրական հարցերու առնչութեամբ, մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու, ինչպէս նաեւ անհետացածներու ճակատագրին վերաբերեալ։

Կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ եւ կ՚աջակցի՝ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան կատարման»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ։