1915-ի Ցեղասպանութենէն յետոյ մարդկութիւնը կրնա՞յ համակերպիլ, որ իրենց ճակատագրին լքուին Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը, որոնց կը սպառնայ ցեղային զտում Ազերպայճանի բռնապետութեան կողմէ:
Ո՞վ օգնութեան պիտի հասնի փանթուրքութեան նենգ նպատակներու թիրախ՝ բազմահազարամեայ այս ժողովուրդին։
Ի՞նչ կրնան ընել Ֆրանսան եւ Եւրոպան՝ կանխելու համար այս վտանգը, որ կը սպառնայ գոյութեան իսկ Հայոց, որոնք կ՚ապրին իրենց պապենական հողերու մնացորդացին վրայ:
Այս եւ բազմաթիւ այլ հարցադրումներու պատասխանելու համար CCAF Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ բացառիկ հանդիպում-վիճարկում մը, որու գլխաւոր հիւրն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Արայիկ Յարութիւնեան։
Հանդիպում՝ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, ժամը 19.30-ին, Maison de la Chimie – 28, rue Saint-Dominique, 75007 Paris:
Ուժը պէտք չէ գերակայ ըլլայ իրաւունքէն:
Ո՛չ փանթուրքութեան ցեղասպան ծրագրին։
Զօրակցութի՛ւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։
Զօրակցութի՛ւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Ազատութի՛ւն եւ արդարութի՛ւն՝ հայ ժողովուրդին։
CCAF-ի ազգային գրասենեակ