Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի փոխքարտուղար Քոնսթանթին Քոսաչեւ «Փաստարկներ եւ իրողութիւններ» («Аргументы и факты») թերթին տուած հարցազրոյցին, պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) կրնա՞յ արդեօք Հայաստանին աւելի եռանդուն աջակցութիւն ցուցաբերել Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան մէջ, յայտարարած է, թէ այդ հակամարտութիւնը ՀԱՊԿ-ի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ չ՚իյնար:
“Այդ կապակցութեամբ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրը ինք կ՚որոշէ իր կեցուածքը։ Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին՝ ծանօթ է, որ մենք անկեղծօրէն կ՚աջակցինք հակամարտութեան լուծման գործընթացին, եւ մեր ջանքերը հաւասարապէս կը պահանջուին երկու կողմերէն։ Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ”,– ըսած է Քոսաչեւ:
Անոր կարծիքով՝ հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան մէջ միայն մէկ կողմին աջակցութեան կեցուածք ցուցաբերելը պիտի նշանակէր տագնապը աւելի խորացնել:
“Պէտք է խաղաղ կարգաւորման դիրքորոշում որդեգրել եւ աջակցիլ, որպէսզի այդ կարգաւորման պայմանները ընդունելի ըլլան բոլոր կողմերուն համար”,– ընդգծած է Քոսաչեւ: