Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ մեծարուեցաւ Հանրի Վերնէօյի յիշատակը, անոր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ

Կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Քրիս­թիան Տէր-Ստե­փանեանի, հո­վանա­ւորու­թեամբ՝ ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի եւ գոր­ծակցու­թեամբ՝ ՀՀ Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի (ԿԳՄՄ) նա­խարա­րու­թեան, Սեպ­տեմբեր 29-ին, ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի փա­րիզեան կեդ­րո­նին մէջ փա­ռաւոր հա­մեր­գով մը յար­գանքի տուրք մա­տու­ցուեցաւ շար­ժանկա­րի ֆրան­սա­հայ աշ­խարհահռչակ բե­մադիր Հան­րի Վեր­նէօյին (Աշոտ Մա­լաքեան), անոր ծննդեան 100-ամեակին առ­թիւ։

Երե­կոյ­թին բա­ցու­մը կա­տարեց Քրիս­թիան Տէր-Ստե­փանեան, որ բա­րիգալստեան իր խօս­քով ող­ջունեց ներ­կա­ները, ապա սփռուեցաւ մե­ծարեալին կեան­քի ու­ղին, գոր­ծե­րը ներ­կա­յաց­նող ժա­պաւէն մը։

Այ­նուհե­տեւ հնչե­ցին անուանի բե­մադի­րին նկա­րահա­նած ժա­պաւէն­նե­րու երաժշտու­թիւննե­րը, կա­տարո­ղու­թեամբ՝ «Փաս­տը­լու» սիմ­ֆո­նիկ նուագա­խու­մին, զոր կը ղե­կավա­րէր Ժան-Գլօտ Փը­թի։ Ան հե­ղինակն է «Մայ­րիկ» եւ «588 Ռիւ Փա­րատի» ժա­պաւէն­նե­րու երաժշտու­թեան։ Աւելցնենք, որ «Մայ­րիկ» ժա­պաւէ­նի երաժշտու­թեան մաս կազ­մող «Տը­լէ եաման»-ը եր­գեց ծա­նօթ սոփ­րա­նօ Լիանա Ալեք­սա­նեան, ըն­կե­րակ­ցութեամբ՝ աշ­խարհահռչակ դու­դուկա­հար Լե­ւոն Մի­նասեանի, փշա­քաղե­լով հան­դի­սական­նե­րը։ Վեր­ջինս նուագեց նաեւ «Մայ­րիկ»-ի իւ­րա­յատուկ մե­ղեդին։

Հան­րի Վեր­նէօյի աղ­ջի­կը՝ Սո­ֆի Մա­լաքեան ար­տա­սանեց իր հօր ձօ­նուած յու­զիչ բա­նաս­տեղծու­թիւն մը՝ «Չմոռ­ցանք քեզ»։

Հա­մեր­գին ներ­կայ էին, ի շարս այ­լոց, ՀՀ ԿԳՄՄ նա­խարար Վահ­րամ Դու­մա­նեան, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­հի տիկ. Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեան, Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի պաշ­տօ­նաւարտ դես­պան Ժո­նաթան Լա­քոթ, «Մայ­րիկ» ժա­պաւէ­նի նշա­նաւոր «Աբ­գար»-ը՝ Ժա­քի Ներ­սէ­սեան, մե­ծարեալին շա­ռաւիղ­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ այլ անձնա­ւորու­թիւններ։ ■