Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի մէջ բողոքի ցոյց՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս ելլելու կոչերով

Մինչ Երեւանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակին մէջ հանդիպումներ ու նիստեր կ՚ընթանային, Ազատութեան հրապարակին վրայ այդ կազմակերպութենէն դուրս գալու բողոքի ցոյց կազմակերպուած է։ Կազմակերպիչներու պնդումով՝ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը Հայաստանին, բացի վնասէ, ոչինչ տուած է։ 

«ՀԱՊԿ-էն դուրս ելլելէ ետք Հայաստանի համար կը բացուին նոր պատուհաններ»,– ըսած են ցուցարարները, Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ընելով այդ ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկելու։