Երեւանի մէջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նիստերու շրջանակին մէջ ընթացող Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստի աւարտին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարգեւատրած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը։
“Մենք այսօր որոշեցինք ՀԱՊԿ-ի ներկայի ընդհանուր քարտուղարին՝ ՀԱՊԿ-ի առաջին աստիճանի պատուոյ կոչում շնորհելու մասին։ Թոյլ տուէք ինծի՝ պարգեւը յանձնել յարգելի Սթանիսլաւ Վասիլեւիչին”,– յայտնած է վարչապետը՝ շքանշանը յանձնելով Զասին։
Նշենք, թէ Սթանիսլաւ Զաս կ՚աւարտէ իր եռամեայ գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին։ 2023 թուականի սկիզբէն՝ յառաջիկայ երեք տարիներուն, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւնները կը ստանձնէ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Իմանկալի Նուրկալուլի Թասմակամպեթով։