Նոյեմբեր 24-էն ի վեր Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ կը ծածանի Հայաստանի դրօշը՝ ի զօրակցութիւն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Նոյեմբեր 24-ին դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան, Սթրազպուրկի քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեան, քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ բանաձեւի հեղինակ Փիէր Եագուպովից եւ այլ հրաւիրեալներ։
Խորհրդանշական այս քայլը նախատեսուած էր Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդին Նոյեմբեր 7-ին միաձայնութեամբ ընդունած բանաձեւով, որ յստակօրէն կը դատապարտէ Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը Հայաստանի վրայ, խաղաղութեան հաստատման կոչ ընելով։ Բանաձեւը կը նախատեսէ աջակցութիւն՝ բարեկամ Հայաստանին։ ■