Նոյեմբեր 25-27-ին, Մատրիտի մէջ կայացած Ընկերվարական Միջազգայնականի (L’Internationale Socialiste) 26-րդ համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, Նոյեմբեր 26-ի առաւօտեան հանդիպում եւ միտքերու փոխանակում ունեցած է Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի հետ։ Վերջինս նախորդ օրը ընտրուած է Ընկերվարական միջազգայնականի նախագահ: Պատուիրակները նաեւ շնորհաւորած են վարչապետը այդ պաշտօնին ընտրուելուն կապակցութեամբ։
Պատուիրակութեան մաս կազմող Արցախի խորհրդարանի երեսփոխան Դաւիթ Իշխանեան Սպանիոյ վարչապետին յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան քարտէսագիրքը: ■