Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան.– «Եթէ Ադրբեջան փորձի փակել Լաչինի միջանցքը, կը նշանակի յարձակում Արցախի եւ ռուս խաղաղապահների վրայ» 

 

News.am-ի հետ հարցազրոյցին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան յայտարարած է, որ եթէ Ազերպայճան փորձէ փակել Լաչինի միջանցքը կամ փորձէ խոչընդոտել կառքերու մուտքն ու ելքը Արցախ, այդ քայլը կ՚ունենայ շատ բարդ հետեւանքներ, նաեւ աշխարհաքաղաքական առումով, որովհետեւ այդ պարագային կը նշանակէ փաստոօրէն յարձակում Արցախի եւ ռուս խաղաղապահներու վրայ:

“Դա պէտք է չէզոքացուի, որովհետեւ շատ բարդ հետեւանքներ է ունենալու: Ես չեմ կարծում, որ բոլոր կողմերը, միջազգային հանրութիւնը անտարբեր նայելու են այդ ամէնին”,– նշած է ան:

Անդրադառնալով վերջին օրերու հրադադարի խախտումներուն, Բաբայեան դիտել տուած է, որ հրադադարի խախտումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ այդ պարզապէս հակառակորդի հայատեացութեան քաղաքականութեան հետեւանքն է: