«Անատոլու» գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն հաղորդած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման աշխատանքը դրական ընթացքի մէջ է։
Ան ըսած է, թէ երկու երկիրներու յատուկ բանագնացները պարբերաբար կապ կը հաստատեն իրարու հետ, կը քննարկեն տարբեր հարցեր, ինչպէս՝ անձնագրերով սահմանը անցնելու կարելիութիւնը, քայլեր, որոնք կրնան իրագործուիլ մօտ ապագային։
“Մենք կը փափաքինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հաստատել։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուած է, եւ այժմ երկիրները կը համագործակցին առանց երրորդ կողմերու միջնորդութեան։ Սա առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի”,– աւելցուցած է թուրք դիւանագէտը։