Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի խորհրդարանը կը դատապարտէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի բանաձեւերը

Ազերպայճանի խորհրդարանը Փարիզին կոչ ըրած է հրաժարելու քայլերէ, որոնք կրնան խաթարել հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Միլլի մեճլիսը (խորհրդարան) դատապարտած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին եւ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած հակաազերպայճանական բանաձեւերը, զանոնք որակելով «կողմնակալ, ոչ-առարկայական եւ անարդար»։

«Ցաւով կը նշենք, որ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմիններու գրգռիչ քայլերը հարուած կը հասցնեն խաղաղութեան օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Ազերպայճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու բոլոր փորձերուն»,– նշուած է Ազերպայճանի խորհրդարանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: