Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը Ազերպայճանցիներ փակած  են Ստեփանակերտ–Գորիս մայրուղին

Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին, քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը Ազերպայճանցիներ Դեկտեմբեր 3-ին, ցուրտին ու բուքին, բնապահական պատճառաբանութեամբ, փակած են Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան՝ Ստեփանակերտ–Գորիս մայրուղին:  Լուրը հաղորդած են Արցախի տեղեկատուական  կեդրոնէն։

«Ակնյայտ է, որ Ազերպայճանն այս քայլով դիմում է սադրանքի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի ընդհատման եւ խաղաղ բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար: Միջադէպի վերաբերեալ տեղեկացրել ենք Արցախում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: Արցախի պետական լիազօր մարմինները ձեռնարկում են բոլոր հնարաւոր միջոցները իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ»,– նշուած է Կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ճամբան փակուելու պատճառով անկարելի դարձած է բժշկական սարքերու եւ դեղերու Արցախ փոխադրութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակումը լրջօրէն կ՚ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքները եւ նպատակ ունի մարդասիրական աղէտ ստեղծել Արցախի մէջ:

«Ստեղծուած իրավիճակում անհնարին է դարձել բժշկական պարագաների եւ դեղերի տեղափոխումը Արցախ: Աւելի՛ն, այս պարագայում լուրջ խնդիր է դարձել առողջական ծանր հարցեր ունեցող մարդկանց Արցախից Հայաստան տեղափոխումը: Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեան, մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններին անյապաղ կերպով պատշաճ քայլերի ձեռնարկել ստեղծուած վիճակը կարգաւորելու եւ վերահաս մարդասիրական աղէտը կանխելու համար»,– նշուած է Առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Դաւիթ Բաբայեան.– «Սա հարուած է նաև ռուս խաղաղապահներին»

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով ճամբան փակելու ազերպայճանական յաջորդական գրգռութիւններուն, յայտարարած է, թէ Ազերպայճան, Ստեփանակերտ–Գորիս մայրուղին փակելով, կը փորձէ առաջ տանիլ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը, կաթուածահար ընել Արցախը, ինչ որ հարուած է նաեւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան: 

“Ադրբեջանցիների նմանատիպ սադրանքներից զարմանալ պէտք չէ: Նրանցից ամէն ինչ սպասելի է: Փորձում են ահաբեկել, փորձում են յամառօրէն առաջ տանել իրենց հայատեաց քաղաքականութիւնը։ Այս ամէնից միջազգային հանրութիւնը շատ յստակ հետեւութիւններ պէտք է անի, պէտք է ճնշի Ադրբեջանին, այլ տարբերակ չկայ: Դատապարտելն անպայման պէտք է, բայց քայլերի պէտք է ձեռնարկեն, միայն խօսքերով սահմանափակուելը ճիշդ չէ»,– շեշտած է Բաբայեան վստահեցնելով, որ Արցախը կանգուն է եւ իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ ամէն ջանք կը գործադրեն:

Մայրուղին երեք ժամ փակ մնալէ ետք բացուած է

Նոյն օրը, Ազերպայճանական կողմին հետ աւելի քան երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, մայրուղին բացուած է երթեւեկութեան։

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, խորհրդարանի «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան մեկնաբանելով Ազերպայճանցիներու այս քայլը նշած է, թէ այս ուղղութեամբ Ստեփանակերտ միջազգային հանրութեան յստակ գնահատականը կ՚ակնկալէ։ “Սա պէտք է համապատասխան գնահատական ստանայ միջազգային հանրութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից՝ որպէս տարածաշրջանում հիմնական դերակատար”,– ընդգծած է երեսփոխանը։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը

«Այս անմարդկային արարքը եւս մէկ անգամ ապացուցում է, որ Արցախը հայաթափելու, այնտեղ ցեղային զտումներ եւ ցեղասպանութիւն իրականացնելու Ադրբեջանի գերնպատակը մնացել է անփոփոխ:

Դեկտեմբերի 3-ի կէսօրին ադրբեջանական կողմը դիմել է հերթական սադրանքին՝ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածում փակել է Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին՝ այդպիսով կտրելով Արցախի կապը Հայաստանի եւ հաղորդակցութիւնը Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերի հետ:

Այս ահաբեկչական քայլը նաեւ խարխլում է Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ միջազգայնօրէն ձեռքբերուած համաձայնութիւնը եւ նենգ հարուած է հասցնում տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովող Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան:

Ադրբեջանի ցեղասպան քաղաքականութիւնն ու գործողութիւնները լուրջ մարտահրաւէր են քաղաքակիրթ աշխարհին եւ ակնյայտ անյարգալից ու արհամարհական վերաբերմունք՝ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ:

Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեան խստօրէն դատապարտել Ադրբեջանի պետական հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել՝ սանձազերծելու նախայարձակին»:

Հայաստան չէ արձագանգած

Արցախի խորհրդարանի «Արդարութիւն» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Մետաքսէ Յակոբեան պատասխանելով՝ Ազերպայճանի այս ստոր քայլին Հայաստանի որեւէ կերպով չարձագանգելուն մասին մեկնաբանութիւն խնդրող հարցումին, ըսած է.   “Զարմանալի կը լինէր, եթէ արձագանգէին: Իրենք շատ վաղուց իրենց պահում են այնպէս, կարծես ոչ մի կապ չունեն Արցախի հետ: Եթէ ուշադիր լինենք, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների գործելաոճերում շատ զուգահեռներ կան: Օրինակ այն, որ Ադրբեջանի հետ ուղիղ կերպով պէտք է բանակցի հէնց Արցախը: Սա է Հայաստանի իշխանութեան քաղաքականութիւնը: Լաւագոյն պարագային միգուցէ, երբ Երկուշաբթի Արարատ Միրզոյեանը աշխատանքի գնայ, կարճ մեկնաբանութիւն կ՚անի կամ Նիկոլ Փաշինեանը իր ինքնահարցազրոյցներից մէկի ժամանակ կ՚անդրադառնայ, բայց կրկին անգամ մեղադրելով Արցախը: Այս իշխանութիւնից աւելին սպասել պէտք չէ”: