Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու թագաւորութեան դեսպան Նիքօ Շերմերս այցելած է Ջերմուկ: Ջերմուկի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեանի ուղեկցութեամբ՝ դեսպանը ծանօթացած է Սեպտեմբեր 13-ի ազերպայճանական ռազմական գործողութիւններէն ետք քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակին։