Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Մոնթէ Մելքոնեանին (Աւօ) նուիրուած յիշատակի երեկոյթ

Դեկտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի «Շառլ Ազնաւուր» մշակութի կեդրոնին մէջ, Արցախի Պետական համալսարանի պատմության եւ իրաւագիտութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է յիշատակի երեկոյթ՝ նուիրուած Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս, զօրավար Մոնթէ Մելքոնեանի (Աւօ) ծննդեան 65-ամեակին:

Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Արցախեան բոլոր պատերազմներու ընթացքին նահատակուած հայորդիներու յիշատակը:

“Որպէս մայր Հայաստանի անբաժան մաս, Արցախի հայկականութեան պահպանման համար մղուած պայքարը կարեւոր նշանակութիւն ունի: Այդ գիտակցութեամբ հայ ժողովրդի բազմաթիւ զաւակներ հերոսացան: Հայոց նուիրեալ գործիչների աստղաբոյլում է նաեւ Մոնթէ Մելքոնեանը: Նա մարմնացումն է անկեղծ մղումների, ազգային, բարոյական արժանիքների: Այսպիսի միջոցառումները շատ կարեւոր են ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, ուսանողներին հայրենասիրական ոգի ներշնչելու համար”,– յայտնած է Համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի Արմինէ Խաչատրեան:

Երեկոյթին ներկայացուած են Մոնթէի սխրանքները եւ ընդգծուած է անոր կերպարը իբրեւ հայրենասիրութեան, ազգապաշտութեան, նուիրուածութեան խորհրդանիշ:

Համալսարանականները հանդէս եկած են հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու ասմունքով ու երաժշտական կատարումներով: