Նոյեմբեր 29-ին, «Հայ փոստ»-ը ականաւոր Հայերու նուիրուած իր շարքէն նոր դրոշմաթուղթ մը հրապարակ հանած է՝ բեմադիր Ռուբէն Մամուլեանի (1897–1987) 125-ամեակին առիթով։
400 դրամ արժող դրոշմաթուղթին ենթախորքին կ՚երեւին Մամուլեանի քանի մը ֆիլմերուն ծանուցագրերը։
Տպագրուած է Ֆրանսայի մէջ, Cartor տպարան, 15.000 տպաքանակով։