Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը Փարիզի քաղաքապետուհիին հետ

Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 7-ին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հետ: Կողմերը քննարկեցին Արցախ-Ֆրանսա կապերու զարգացման, արցախեան հակամարտութեան լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Արցախի նախագահը բարձր գնահատեց Անն Հիտալկոյի ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարին սատարելուն, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւին ի նպաստ քուէարկութեան համար:

Նախագահը ընդգծեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն է: Այդ համածիրին մէջ Յարութիւնեան կարեւոր սեպեց  Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ քաղաքներու հետ Արցախի՝ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը, յոյս յայտնելով, որ երկկողմ յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով պիտի զարգանան:

Փարիզի քաղաքապետուհին ալ իր կարգին վստահեցուց, որ Փարիզ միշտ պիտի ըլլայ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի կողքին՝ պաշտպանելով Արցախցիներու ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքները: