«Figaro-Magazine»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն նոր թուիթով մը խստօրէն կը պախարակէ Փարիզի մէջ Ազերպայճանի դեսպանուհի Լեյլա Ապտուլաեւան, որ նախապէս գրած էր հետեւեալ թուիթը՝ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ France24-ին տուած հարցազրոյցին մասին.
«France24-ի՝ այսպէս կոչուած, աշխարհի կողմէ չճանչցուած ապօրինի միաւորի մը ներկայացուցչին հետ կատարած հարցազրոյցին սփռումը.-
– կը խրախուսէ անջատողականութիւնը,
– կը խաթարէ Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը,
– կը վնասէ խաղաղութեան ջանքերուն՝ սաստկացնելով լարումը»։
Ի պատասխան Պիւիսոն կը գրէ.-
«Այսպէս անամօթաբար կը խօսի ներկայացուցիչը երկրի մը, որը գլխաւորող մարդը կ՚ընդունուի ամէնուր, մինչ անոր բանակը յարձակած է ինքնիշխան Հայաստանի վրայ, որու տարածքին մէկ մասն ալ ապօրինի գրաւած է, 2020 թուականին ռազմական ոճիրներ գործած է եւ կը մերժէ ազատ արձակել պատերազմի հայ գերիները»։