Բարեկամութեան ու զօրակցութեան նոր հռչակագիր մը ստորագրուած է
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 8-ին այցելած է Լիոն, ուր տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Օվերնեը-Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդի փոխնախագահներ Նիքոլա Տարակոնի (Վալանսի քաղաքապետ) և Թիէրի Քովաքսի (Վիէնի քաղաքապետ) հետ: Նշենք, թէ Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէ գնացքներու գործադուլի պատճառով չէ կրցած ժամանակին Փարիզէն հոն հասնիլ։
Արցախի նախագահը իր ելոյթին նշած է, թէ Ֆրանսայի վարչական տարբեր շրջաններու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններէն է, եւ ընդգծած Օվերնեը-Ռոն Ալփ շրջանին հետ աւանդական դարձած կապերու հետագայ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին կողմերը ստորագրած են միատեղ հռչակագիր մը, ուր համոզում յայտնուած է, որ Ազերպայճանի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակամարտութիւնը կը լուծուի մի՛այն խաղաղ ճանապարհով, մարդկային իրաւանց եւ միջազգային համաձայնագրերը յարգելու պայմանով։ Հռչակագիրը նաեւ կոչ կ՚ընէ Ֆրանսային, Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային հանրութեան՝ համախմբուած մնալ՝ պաշտպանելու Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներն ու հողային ամբողջականութիւնը:
Հռչակագրին մէջ շեշտուած է, որ հակառակ 2020 Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումներն ու ռմբակոծութիւնները կը շարունակուին, եւ այդ կը վկայէ, որ Ազերպայճան չի յարգեր յայտարարութեան դրոյթները եւ ո՛չ ալ անոր յաջորդած բանակցութիւններու ընթացքին իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Արցախէն ետք յարձակման ենթարկելով Հայաստանը, ռմբակոծելով եւ մասնաւորապէս թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառոյցները՝ Պաքու կ՚ուզէ բռնութեամբ արտատարածքային ճանապարհ (միջանցք) ստեղծել իր եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ կտրել-անցնելով Արցախի տարածքն ու Սիւնիքի մարզը»,– ընդգծուած է հռչակագրին մէջ:
Օվերնեը-Ռոն Ալփի շրջանը վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը՝ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն ու գաղափարներուն, անհանդուրժելի համարելով յարձակումները՝ սահմաններու երկայնքին, քաղաքացիական բնակչութեան ռմբակոծումները, որոնց միջոցով Ազերպայճան նպատակ ունի ստիպելու Հայաստանին՝ զիջումներ ընել Արցախի հարցով եւ ընդունիլ տալու Արցախի նկատմամբ ազերպայճանական ինքնիշխանութիւնը:
Այնուհետեւ Արայիկ Յարութիւնեան տեսակցած է Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի հետ: Քննարկուած են երկկողմ կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր: Լիոնի քաղաքապետը հաւաստած է, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագրերու իրագործման ուղղութեամբ աշխատանքները հետագային եւս պիտի շարունակուին: