Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւի օգնականը կը հերքէ Արցախահայութեան իրաւունքներուն առնչուող՝ Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը

Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ արձագանգած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան առ այն, որ Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք համաձայնութիւն գոյացած էր ստեղծելու միջազգային գործիքակազմ, որպէսզի Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Ազերպայճանը քննարկեն Արցախահայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը:

Այժմ Հաճիեւ կը պնդէ, թէ «Գրիգորեանի յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»:

“Ուաշինկթընի մէջ Ազերպայճանի հետ իբրեւ թէ՝ Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան միջազգային գործիքակազմերու ստեղծման մասին գոյացած համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները կեղծ են։ Բանակցութիւններու ընթացքին որեւէ հարցի քննարկումը չի նշանակեր, որ այդ հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է”,– ըսած է ան՝ մեկնաբանելով Գրիգորեանի յայտարարութիւնը:

“Սեպտեմբեր 27-ին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մենք անգամ մը եւս յայտարարեցինք, որ Ազերպայճան միջազգային գործընկերներու հետ պիտի չքննարկէ Ղարաբաղ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, սա մեր ներքին գործն է, որ պէտք է կարգաւորուի Ազերպայճանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ։ Միջազգային գործիքակազմի ստեղծումը բացառուած է եւ Ազերպայճան մտադիր չէ այդ հարցը քննարկել ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ այլ երրորդ պետութիւններու կամ կազմակերպութիւններու հետ”,– եզրափակած է Հաճիեւ: