Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խումբ մը Ազերպայճանցիներ, կրկին բնապահական պատճառաբանութեամբ, փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին

Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան, քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը Ազերպայճանցիներ, կրկին բնապահական պատճառաբանութեամբ, փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Լուրը հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը։

Միջադէպի վերաբերեալ տեղեակ պահուած է Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:

Անընդունելի համարելով ազերպայճանական կողմի յարձակողական ու ապակառուցողական վարքը՝ Արցախի պետական լիազօր մարմինները կը ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր միջոցներուն՝ հարցը լուծելու ուղղութեամբ, կապ պահելով ռուսական խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ:

«Կը յորդորենք քաղաքացիներուն հանդարտ ըլլալ եւ հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին՝ զերծ մնալով չստուգուած տեղեկութիւնները տարածելէ:

Իրավիճակի զարգացումներու վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւն կը տրամադրուի»,– նշուած է Կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։