Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փեթեր Սթանօ.– «Եւրոպական Միութիւնը Ղարաբաղի մէջ ներկայ չէ, որ կարելիութիւնը ունենայ աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը»

Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքական հարցերու մամլոյ բանբեր Փեթեր Սթանօ պատասխանելով հանրային հեռատեսիլի՝ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ հարցումին, ըսած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Ղարաբաղի մէջ ներկայ չէ, որ կարելիութիւնը ունենայ աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը։

“Եւրոպական Միութիւնը տեղեակ է Դեկտեմբեր 3-էն Լաչինի միջանցքին շուրջ տեղի ունեցող տարբեր զարգացումներէն: Մենք նաեւ ուշադիր կը հետեւինք այսօրուան (Դեկտեմբեր 12) անցուդարձերուն, հայկական եւ ազերպայճանական բազմաթիւ հաղորդումներուն, կապի մէջ ենք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի պաշտօնատարներու հետ:

Եւրոպական Միութիւնը կը կրկնէ զսպուածութեան և գրգռիչ հռետորաբանութենէ խուսափելու իր կոչերը: Մենք յոյս ունինք, որ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ այդքան անհրաժեշտ բանակցութիւնները արդիւնք կու տան ու կը մեղմեն լարումը”,– յայտնած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը։