Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Խոսէփ Պորէլ յայտարարած է, թէ Պրիւսէլ պիտի չերկարաձգէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան լիազօրութեան պայմանաժամը, տեղեկացնելով որ այդ որոշումը կայացած է Դեկտեմբեր 12-ին, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարներու նիստին։
Պորէլ՝ դէտերու աշխատանքը «արդիւնաւէտ» գնահատած է, առանց վերոնշեալ որոշումին պատճառներուն մասին խօսելու։ Ան միայն նշած է, թէ ըստ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ համաձայնութեան» առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը պէտք է աւարտէ Դեկտեմբեր 19-ին։
“Յամենայն դէպս, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկխօսութեան միջնորդի մեր հեղինակութիւնը պահպանելու համար, Հայաստան կ՚ուղարկուի խումբ մը, որպէսզի ծրագրէ հնարաւոր քաղաքացիական առաքելութեան գործուղումը, եթէ գալ տարի նման համաձայնութիւն գոյանայ”,– եզրափակած է եւրոպացի դիւանագէտը։