Լաչինի միջանցքը փակող ազերպայճանցի «բնապահներուն» յատուկջոկատայիններ աւելցած են։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ ոստիկանութեան յատուկջոկատայինները ուղարկուած են «արարքի մասնակիցներն ու լրագրողները ռուս խաղաղապահներէն պաշտպանելու համար»։
Նոյնինքն Ազերպայճանցիներու նկարահանած տեսարանները կը վկայեն, թէ անոնք ինչպէս կը հրեն, կը սուլեն, կը պոռան ու կ՚ոռնան խաղաղապահներուն վրայ եւ ցոյց կու տան «գորշ գայլեր»-ու նշանը…։