Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակը Դեկտեմբեր 14-ին դիմած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ)՝ պահանջելով Ազերպայճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրարկել եւ վերջինիս պարտադրել ապաշրջափակել Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը:
Արդ, Գրասենակը կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 15-ի իրիկունը, Եւրոպական ատեանը որոշում կայացուցած է ներկայացուած այդ պահանջին վերաբերեալ:
Ատեանը որոշած է Ազերպայճանին ժամանակ տրամադրել մինչեւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, ժամը 16 (Ֆրանսայի ժամով) Հայաստանի պահանջին պատասխան ուղարկելու համար, որմէ ետք Ատեանը վերջնական որոշում պիտի կայացնէ: ■