ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութէրէշ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Ան կողմերուն կոչ ըրած է ապահովելու միջանցքով ազատ ու անվտանգ երթեւեկը՝ ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութիւններու։
Ընդհանուր քարտուղարը հաստատած է իր աջակցութիւնը տարածաշրջանի հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն։
Նշենք, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Դեկտեմբեր 14-ին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Կութէրէշի հետ։ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, յատկապէս ազերպայճանական վերջին ոտնձգութիւններէն ետք ստեղծուած իրավիճակը։