Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները նեղ շրջանակով կը քննարկեն Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:
Լուրը հաղորդած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատանքի ուսումնասիրութեան հարցերու վերլուծական կեդրոնը:
Նշենք, թէ այս առթիւ Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ օրերէ ի վեր նստացոյց կ՚ընէ ՄԱԿ-ի Երեւանի գրասենեակին առջեւ,– Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է.
«Ուրախալի է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդում Դեկտեմբեր 17-ին կը քննարկուի Արցախի հարցը: Թէեւ քննարկումը նեղ շրջանակով է, սակայն դա արդէն նշանակում է խնդրի միջազգայնացում:
Յուսամ՝ ՄԱԿ-ը աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնի թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ՛ երկարաժամկէտ խնդիրների լուծման վրայ՝ կատարելով իր պարտաւորութիւնները ու կիրառելով բոլոր հնարաւոր գործիքակազմերը»։
Բեգլարեան նախորդ օրը հանդիպում ունեցած էր ՄԱԿ-ի Երեւանի գրասենեակի աշխատակիցներուն հետ։