Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի հարցերու չորս համազեկուցողները միատեղ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Բերձորի մէջ ստեղծուած կացութեան՝ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով ազատ երթեւեկի խափանման կապակցութեամբ:
«Միջանցքի երկայնքին պէտք է անյապաղ վերահաստատուի մարդոց եւ բեռներու երթեւեկի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Մենք կոչ կ՚ընենք 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներու»,– նշուած է Եան Լիտել-Կրենճըրի (Միացեալ Թագաւորութիւն), Լիզ Քրիսթոֆերսենի (Նորվեկիա), Քիմմոյ Քիլիժունենի (Ֆինլանտա) և Պորիանա Էպերկի (Շուէտ) ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար՝ ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը Դեկտեմբեր 14-ին քննարկուեցան ԵԽԽՎ-ի վերահսկիչ յանձնաժողովին կողմէ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքըֆէօյի հետ։ Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ քաղաքական աջակցութիւնը, այդ կարգին՝ տարածաշրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութեան միջոցով»,– եզրափակած են համազեկուցողները: