Հայաստանի Քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Գոռ Աբրահամեանի համաձայն՝ Սեպտեմբեր 13-14-ի ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է, իսկ անհետացածներունը՝ 3։ Ան ըսած է, թէ մարմիններու ինքնութեան հաստատման գործը ամբողջութեամբ աւարտած է։