Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետը հանդիպում ունեցած է արտասահմանի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններուն հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջերմուկի մէջ հանդիպում ունեցած է արտասահմանի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ: 

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին՝ հանդիպման մասնակցելուն համար եւ ներկայացուցած նման քննարկումներու նպատակները: 

Վարչապետը ողջունած է նախաձեռնութիւնը եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձած՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, խնդիրներուն, զանոնք դիմագրաւելու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսած է դիւանագէտներու գործունէութեան ու անոնցմէ ունեցած ակնկալիքներուն մասին: 

Ան պատասխանած է շարք մը հարցումներու: